2014-04-14 10:20:16

Զինեալ բախումներ` արեւելեան Ուքրանիոյ Սլովիանսք քաղաքին մէջ


Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով յայտնեց, որ արեւելեան Ուքրանիոյ Սլովիանսք քաղաքին մէջ ռուսամէտ զինեալներու հետ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին սպաննուած է ուքրանական ապահովական մարմիններու սպայ մը: Ան աւելցուց, որ երկու կողմերու շարքերուն մէջ զոհեր արձանագրուած են: Աւագով տեղի ունեցածը «Ռուսիոյ կողմէ նախայարձակումի ցուցադրութիւն» նկատեց:
Ռուսամէտ զինեալներ շաբաթ օր Սլովիանսքը առին իրենց վերահսկողութեան տակ եւ առնուազն չորս այլ քաղաքներ թիրախ դարձուցին: Քիեւ իր կարգին «հակաահաբեկչական գործողութիւն» մը շղթայազերծեց: Քիեւ եւ արեւմտեան պետութիւններ Մոսկուան կ՛ամբաստանեն գրգռութիւն հրահրելու յանցանքով: Քրեմլին կը հերքէ ամբաստանութիւնը:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ շաբաթ օր յայտնեցին, որ ռուսական աջակցութիւն վայելող ուժերուն կողմէ Քիեւի կառավարութեան իշխանութիւնը ականահարելու «համակարգուած արշաւ» մը գոյութիւն ունի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի «յաւելեալ հետեւանքներ»-ով սպառնաց, եթէ Ռուսիա կացութիւնը մեղմացնելու ջանք չթափէ եւ իր ուժերը Ուքրանիոյ սահմանէն չհեռացնէ: Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ըսաւ, որ Քիեւի կառավարութիւնը «երկրի ճակատագիրին նկատմամբ պատասխանատուութիւն ստանձնելու անկարողութիւն կը ցուցադրէ»:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն ըսաւ, որ ռուսամէտ զինեալները կը կրեն Խրիմի «ապօրինի եւ անօրինական գրաւման ընթացքին ռուսական ուժերուն կրած առանց զինանշաններու համազգեստը»:
Շաբաթ օր զինեալներ գրաւած էին Սլովիանսքի, Քրամաթորսքի եւ Պրուժխովքայի ոստիկանատուներն ու պետական շէնքերը: Ըստ չհաստատուած տեղեկութեանց, նոյն դիպաշարը կրկնուած է Մարիուփոլ եւ Ենաքիեւօ քաղաքներուն մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.